
Համաշխարհային լրատուամիջոցներու հետեւողներ կրնան կազմել այն արագ տպաւորութիւնը, որ համաշխարհային պատերազմի նախաշեմին կը գտնուի երկրագունդը: Սպառնալիքները եւ որոշ առումներով Սուրիոյ ուղղութեամբ զինուժի նախապատրաստական տեղաշարժները այդ տպաւորութիւնը կը ստեղծեն: Միաժամանակ սակայն արդէն դիտուածի (տէժա վիւ) տեսութիւնը կը շրջագայի հետեւողներու մտապատկերին մէջ, պարզ այն տրամաբանութեամբ, որ նման փոխսպառնական հռետորութիւն, նոյնիսկ անոնց հետեւած հարուածներ մնացած են սահմանափակ, առանց…















