
Սեդօ Պոյաճեան Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի Պետական Յանձնաժողովի ե՚ւ առաքելութիւնն է ե՚ւ պարտականութիւնը՝ մեր պետականութեան հիմնադրման ու անկախութեան նուաճման իրագործումները ոգեկոչել իրենց փաստական հարազատութեամբ եւ անխառն արժեւորումով։ Պէտք է յուսալ, մանաւա՚նդ պէտք է մաղթել, որ Յանձնաժողովը կը մնայ գիտակից իր առաքելութեան եւ անշեղ՝ իր պարտականութեան մէջ։ Եօթանասուն տարիներ շարունակ, պոլշեւիկեան ախտաւոր մոլուցքը փորձեց մթագնել մեր պետականա…















