
Միացեալ Նահանգներու նախագահի անվտանգութեան հարցերու խորհրդականին Երեւան կատարած այցելութեան առիթով հնչած տեսակէտներուն մեկնաբանութիւնները առատ են: Միջազգային անդրադարձը առաւելաբար Իրանի մեկուսացման քաղաքականութեան ընդհանուր շրջածիրին մէջ կը շարունակէ դիտարկել հարցը եւ կարեւորել Պոլթընի Իրանի սահմանակից երկիրներուն մէջ ամերիկեան գործօնի ազդեցիկութեան բարձրացումը: Իրանի մեկուսացման օրակարգը հիմնական առաջադրանքներէն մէկը ըլլալով հանդերձ յայտարարութիւններուն մէջ կային առանցքներ, որոնք կարելի չէ շրջանցել:…















