
Հակառակ յոռետեսներուն, հարցումը ինքզինք կը պարտադրէ։ Յառաջիկայ շաբաթ՝ 18էն 20 Սեպտեմբերին կայանալիք Հայաստան-Սփիւռք վեցերորդ համահայկական համաժողովը պիտի կարենա՞յ դրական ոստումներ կատարել դէպի վաւերական ազգային միաւորում եւ իրապաշտօրէն միատեղ աշխատանքի համադրում՝ ի խնդիր հայրենիքի վերելքին եւ սփիւռքի կազմակերպական ամրապնդման։ Մեկնելով նախորդող հինգ համաժողովներու փորձառութենէն, թերեւս հասկնալի եւ դիւրին է յոռետեսական թէ ցինիկական տրամաբանութեամբ ի յառաջագունէ վճռել,…















