
Մեծ պատկերը այս է։ Քանի մը օր առաջ, շաբաթասկիզբին եւ գրեթէ նոյն ժամերուն, երկու կարեւոր զարգացումներ տեղի ունեցան հայ ֊ թրքական ճակատի խրամատներու տարբեր հատուածներուն վրայ։ Մէկ կողմէ հայկական բանակը կանխարգելիչ հարուած կը հասցնէր ատրպեճանական ուժերուն՝ սահմանի արցախեան հատուածին մէջ, միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Էրտողանի թիկնապահները բառացիօրէն կը յարձակէին հայ, քիւրտ, ասորի եւ յոյն…














