
Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման համահայկական աշխատանքներու հայեցակարգային խնդիրները այժմէական հնչեղութիւն կը ստանան: Ապրիլ 24-ի ոգեկոչական նշումները այս տարի անմիջականօրէն յաջորդեցին ապրիլեան պատերազմի առաջին տարելիցին առիթով կազմակերպուած ոգեկոչական յիշատակի ձեռնարկներուն: Եւ եթէ ապրիլեան քառօրեան ընկալենք իբրեւ ազրպէյճանական ռազմական արկածախնդրութեան կասեցում կամ արցախահայութեան սպառնացող նոր` զանգուածային մեծ վտանգի կանխարգելիչ չէզոքացում, ապա ապրիլեան երկու խորհուրդներու վերլուծումի մօտեցումները կը…















