
Անգարա-Ռոթերտամ յարաբերութիւններու լարուածութիւնը յանկարծակիութեան գործօնի հետ կապ չունի: Դիպաշարին հետեւողը տեսաւ, թէ ինչպէ՛ս Եւրոպական յանձնաժողովի հոլանտացի փոխնախագահը Թուրքիոյ մասին ներկայացուց խիստ զեկուցում, որուն հիման վրայ Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ անդամակցութեան գործընթացը ժամանակաւորապէս առկախեց: Քաղաքական այս տրամաբանութեան պարունակին մէջ պարզ դարձան Հոլանտայի վարչապետին քննադատութիւնները` տեղւոյն թուրք համայնքին ուղղուած: Տակաւի՛ն, Լայտըն համալսարանի թրքագէտին Էրտողանը բռնապետ նկատելն ու ստացած…















