
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Մէկ անգամէն ըսենք, եւ ընկերոջս Խոսրովին բառերը գործածելով՝ «առանց բառերը ծամծմելու»: Տարօրինակ եւ միաժամանակ վտանգաւոր մտայնութիւն մը սկսած է զարգանալու հայկական իրականութեան մէջ: Միտք մը, որ կը կրկնուի հա կը կրկնուի, հայերէնի բառամթերքէն փոխ առնուած զանազան բառերով, այն աստիճան, որ ալ սկսաւ դդումի համ տալու: Այդ միտքը հետեւեալն է. – Ով որ ոստիկանական…















