Քննարկում

Ակնարկ. Որեւէ

Արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման Թուրքիոյ կամ որեւէ այլ պետութեան միանալը կախուած է բանակցային գործընթացին մէջ այդ երկրի կառուցողական ներդրումէն: Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա: Նախ յայտարարութիւնը` իր բնագրային մէջբերումով: «Ինչ կը վերաբերի արցախեան հակամարտութեան, ինչպէս նաեւ որեւէ այլ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման կամ բանակցային գործընթացին, ապա խօսքը կրնայ վերաբերիլ ոչ…

Ո՞վ Եւ Ի՞նչն Է Վնասուողը

Ամիսներ առաջ, Հայաստանի մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու գործընթացի օրերուն, երբ Երեւան ապրող ընկերոջս Գէորգին հետ հեռաձայնով կը քննարկէինք օրուան խնդիրը, մտահոգիչ հարցում մը ծագեցաւ մեր միտքերուն մէջ: Անկեղծօրէն, օրին այս յօդուածագիրին համար քիչ մը անհաւատալի, կամ առնուազն՝ ոչ ընկալելի էր այդ հարցադրումը («կ՛ըլլա՞յ մը…»), որ հետեւեալն էր. արտաքին ուժերը պիտի ուզե՞ն այս բարեփոխուած սահմանադրութեան վրայ կառուցուելիք…

Ակնարկ. Չխանգարել Բանակցութիւնները

Դրական պէտք է ընկալել երկկողմանիօրէն` իրաւապահ մարմիններու եւ զինեալ գործողութիւնը իրականացնողներու դրութիւնը: Երեւոյթը պէտք չէ վերագրել անպայման կապի խզումին, նոր դաւադրութիւններու մշակման կամ գործողութեան վերջ տալու նպատակով նախապատրաստուող յարձակման: Ոչ ալ` հիւծել-յանկարծակիօրէն գրոհել տարբերակին: Երբ համեմատաբար լուռ են կողմերը, կը նշանակէ, որ բանակցութիւններ կան, իսկ այդ բանակցութիւններուն փակագիծերը չեն բացուիր, որովհետեւ մարդոց ճակատագիրը խնդրոյ առարկայ…

Ակնարկ. Էրտողանի Սլաքները

Թուրքիոյ մէջ զինուորական չկայացած յեղաշրջումի ուղղութեամբ վաղ է հետեւութիւններ ընելը: Անշուշտ կան բազմաթիւ դիտարկումներ, վերլուծումներ եւ տարատեսակ մեկնաբանութիւններ, սկսած` բեմականացուած յեղաշրջման տարբերակէն, որուն նպատակը նախագահ Էրտողանի տիրական հաստատումն ու կայացումն է, վերջացած Թուրքիոյ մասնատումը առաջադրող հեռակառավարուող քաոսացման քաղաքականութեամբ: Հայկական կողմը, պաշտօնական հանգամանքները նկատի ունենալով, թէ՛ պետական, եւ թէ հասարակական առումներով զսպուածութեամբ ու երբեմն կրաւորականութեամբ մեղադրուող…

Այսօրը

Հայկական այսօրը տխուր պատկեր մը կը ներկայացնէ, որովհետեւ կը պատահի աներեւակայելին: Կը պատահի այն, որ Արցախի բանակցութիւններու ըստ երեւոյթին ամենէն ճակատագրական հանգրուանին ոմանք իրենց ընթացքով կը յաջողին հայկական ներքին կեանքը աննախընթաց կերպով պառակտել: Յանձաւորներ մատնանշելու համար չէ, որ ցաւով կը գրենք այս քանի մը տողերը: Ատիկա աւելի ուշ ընելը թէ՛ աւելի խելացի է, թէ աւելի…

Ակնարկ. Բացառե՛լ Ցնցումը

Երեւանի մէջ արձանագրուող իրադարձութիւնները կը մտահոգեն բոլորս: Համահայկական լուսարձակներու տակ են գրաւուած ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը, գրաւողները, պատանդները, զոհի պարագան, վիրաւորները, պահանջները, պաշտօնական հաղորդագրութիւնները, ընթացող-չընթացող բանակցութիւնները: Մէկ կողմէ կան իրաւապահ եւ անվտանգութեան համապատասխան մարմիններու պաշտօնական հաղորդագրութիւններն ու անոնց ընկերացող կոչերը` սնուելու միայն պաշտօնական լրահոսէն, անուղղակիօրէն ապատեղեկատուութեամբ չնպաստելու համար վտանգաւոր կացութիւններու ստեղծման: Միւս կողմէ` ժողովուրդը…

Հայաստան ամէն բանէ վեր

Երբ հայրենիքիդ իշխանաւորները սխալւում են, բացայայտիր ու բացատրիր սխալը։ Երբ հայրենիքիդ իշխանաւորները շահագործում են, դատապարտիր ու մեղադրիր շահագործին։ Երբ հայրենիքիդ իշխանաւորները խախտում են օրէնքը, Պայքարիր ու դիմադրիր ընդդէմ օրինազանցին։ Երբ ուզում ես ուղղել սխալը, Անդրադարձիր եւս քո սխալին։ Երբ ձգտում ես պատժել շահագործին, գիտակցիր եւս քո տկարութիւններին։ Երբ կամենում ես զսպել օրինազանցին, Ընդունիր եւս քո…

Արամի Տունը Եւ ՀՀ Գերիշխանութիւնը

Վերջերս հայկական մամուլին եւ ընկերային ցանցերուն վրայ կրկին սկսան շրջանառութեան դրուելու Արամ Մանուկեանի տան (Երեւան, Արամի, թիւ 9) ճակատագիրին մասին որոշ- անորոշ լուրեր, որ իբրեւ թէ այդ շէնքին տեղ ինքնաշարժներու կայանատեղի պիտի կառուցուի: Այնպիսի շեշտադրումով, որ կարծէք եթէ կայանատեղիի փոխարէն ըսենք՝ աշխատատեղի կամ տնտեսապէս այլ շահաբեր հաստատութիւն մը ըլլար կառուցուելիքը՝ հարցը կը փակուէր. կամ Քալիֆորնիոյ…

Արամ Մանուկեանի տունը եւ Հայաստանի կառավարութեան սահմանադրական պարտավորութիւնը

Երեւանի կեդրոնը, Արամ 9 փողոցի վրայ կը գտնուի կիսաւեր շէնք մը, որ տարիներէ ի վեր լքուած է անհոգատար։ Շէնքին վիճակը վթարային է։ Շէնքին յատակը, միջնայարկն ու տանիքը քանդուած են։ Կը մնան պատերուն մէկ մասը։ Պատերու ներքեւի տարածքը վերածուած է աղբանոցի։ Այսպիսի շէնքերու յաճախ կը հանդիպինք այլ քաղաքներու մէջ եւս։ Բնական երեւոյթ է, երբ անցեալին ճոխ…

Ակնարկ. Պաքուի Ոճային Եւ Եզրաբանական Փոփոխութիւնները

Արցախեան հարցին ուղղութեամբ Ազրպէյճանի նախագահին ելոյթը իր երկրի կառավարութեան նիստին, շատ արագ հայեացքով քանի մը մտածում կ՛ուրուագծէ: Բայց նախ` Ալիեւի ամփոփած բանաձեւը, որուն մէջ պէտք է յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացնել բովանդակայինին առընթեր ոճին եւ օգտագործուած քաղաքական եզրաբանութեան: «Հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի կարճ ժամանակուան ընթացքին, սթաթիւս քոն պէտք է փոխուի: Հակամարտութեան լուծման միակ տարբերակը փուլային տարբերակն է»:…