Քննարկում

Ակնարկ. Տեղեկատուական Շահարկումներու Փորձեր

Արցախի Հանրապետութեան նախագահին տուած մամլոյ ասուլիսը առաջինն էր, որ տեղի կ՛ունենար Մոսկուայի մէջ: Արցախի հակամարտութեան վերաբերեալ Բակօ Սահակեանի յայտարարածներուն մէջ կ՛առանձնանայ այն սկզբունքին վերընդգծումը, որուն համաձայն, որեւէ համաձայնութեան յանգում պայմանաւորուած է Ստեփանակերտի ուղղակի մասնակցութեամբ բանակցային գործընթացին: Այս մէկը նաեւ անուղղակիօրէն կը պատասխանէր վերջերս ալիքաւորում ստացած այն լրատուութիւններուն, կանխատեսումներուն եւ վերլուծումներուն, որոնք Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի…

Ակնարկ. ԵԽԽՎ-ն Կը Հակասէ Եւրոպական Խորհրդարանին

Արցախի Հանրապետութիւնն ու ազատագրուած տարածքները ազրպէյճանական նկատող Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) բանաձեւը ոչ միայն հայկական կողմին համար, այլ ընդհանրապէս քաղաքական տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ ազրպէյճանական յաղթանակ նկատելը հիմնաւորեալ չի թուիր: ԵԽԽՎ-ի բանաձեւը աւելի շատ երկու ուղղութեամբ խոր հակասութիւններ ստեղծող եւ այդ իմաստով նաեւ նման բանաձեւերու բովանդակութիւնն ու յատկապէս ազդեցիկութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող երեւոյթ է: Այս…

Ակնարկ. Էրտողանին Հետ Շրջագայող Սահմանադրական Լիազօրութիւններ

Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը նախագահ Էրտողանի համար կէս չափով բացաւ սահմանադրական փոփոխութիւններու դուռը: Առաջադրանքը այս փոփոխութիւններուն գերնախագահական համակարգի հաստատումն է, կամ այլ խօսքով` էրտողանական վարքագիծի միաբեւեռացումը: Իշխող կուսակցութեան ապահոված խորհրդարանական աթոռներուն թիւը չ՛արտօներ, որ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի որոշումը առնէ խորհրդարանը: Այստեղ պէտք է միանան իշխող կուսակցութենէն դուրս խորհրդարանական այլ քուէներ, որպէսզի գոյանայ անհրաժեշտ թիւը:…

Ակնարկ. Լիբանանահայութեան Ընտրանքը` Պետութեան Կազմաքանդումի Վտանգին Դիմաց

Լիբանանեան բազմաթիւ անլոյծ խնդիրներու ամէնէն առաջնահերթը, աւելի ճիշդ` ահազանգային տարողութիւն ստացածը, աղբերու կուտակման հիմնահարցն է: Քաղաքական եւ ապահովական մակարդակներու վրայ լիբանանցին վարժ էր այլեւս անտարբերութեամբ դիտել անհամաձայնութիւնները, անիմաստ վէճերը, փոխվարկաբեկումներն ու անվերջ կրկնուող տեժա վիւներու երկար շարանը: Մինչ այդ, այս անբնական իրավիճակին մէջ լիբանանցի քաղաքացիին կեանքը բնականոն ձեւով կը շարունակուէր: Բնական դարձած երեւոյթ էր հանրապետութեան…

Ակնարկ. Ռուսական Խաչակրութեան Տեղեկատուական Բաժինը

Կը թուի, որ սուրիական պատերազմին ռուսական օդուժի միջամտութիւնը հարցի լուծման փուլային տարբերակի եղանակով կ՛առաջնորդուի: Կը խօսուի սուրիական կառավարական ուժերու յառաջխաղացքին, որոշ շրջաններու ազատագրման, ՏԱՀԵՇ-ի հսկայական կորուստներու մասին, միաժամանակ սակայն գետնի վրայ ուղղակի բեկումնային պահ եւ կայծակնային կտրուկ փոփոխութիւններու իրավիճակ չի պարզուիր: Փուլայինի վարքագիծին կը ներառուին ծովեզերեայ Սուրիան, զայն դարպասող շրջաններն ու ռազմավարական այլ կէտեր վերահսկողութեան…

«Ազդակ»ի Խմբագրական. 22 Հոկտեմբեր 75-ին (40-Ամեակ)

22 հոկտեմբերի խորհուրդի այժմէականացման փորձը անպայման Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով արծարծուած թեմաներու ընդհանուր պարունակին մէջ դիտարկումի կրնայ մղել նման մտադրութիւն ունեցող ոեւէ հայ անհատ: Հարիւրամեակի մեր գիտաժողովներու, համագումարներու, ձեռնարկներու, հրատարակութիւններու եւ տարատեսակ ծրագիրներու բովանդակութենէն ի սպառ բացակայեցաւ 22 հոկտեմբերի թողած աւանդը, բացած ուղին: Աւելի խորահայեաց դիտարկումը եզրակացնել կու տայ, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման յաղթարշաւի սկիզբը 22 հոկտեմբերի…

Հասարակական դիվանագիտության ֆլագմանը

«Լիտերատուրնայա գազետա» թերթը իր հոկտեմբերի 21–ի համարում զետեղել է Մոսկվայի «Ռուս-հայկական համագործակցություն» կազմակերպության նախագահ Յուրի Նավոյանի նյութը իր ղեկավարած կազմակերպության գործունեության մասին, որը խմբագրության կողմից վերնագրված է «Հասարակական դիվանագիտության ֆլագմանը»: (Այն ներկայացնում ենք թարգմանաբար) «Ռուս-հայկական համագործակցություն» կազմակերպությունը զբաղեցնում է հասարակական դիվանագիտության դաշտը և հայ-ռուսական երկոսության զարգացմանը նպաստում հանրային ծրագրերի միջոցով: «Ռուս-հայկական համագործակցության» գործունեությունը ընթանում է…

Ակնարկ. Երեւանը Կրնայ Կամրջել Եւրոպական Միութիւնն Ու Եւրասիական Տնտեսական Միութիւնը

Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահին յայտարարութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւն – Եւրոպական Միութիւն նոր պայմանագիր կնքելու հեռանկարին մասին  ուղենշային է, իրադրութիւններու հետագայ ընթացքին մասին որոշ կանխատեսումներ կատարելու ուղղութեամբ: Պարզ է, որ դեկտեմբերին, Եւրոպական Միութիւն կը ստանայ լիազօրութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան հետ բանակցութիւններ սկսելու` նոր ձեւաչափով փաստաթուղթ ստորագրելու համար: Վիլնիւսէն ետք Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներուն մէջ տարուող բանակցութիւնները սառեցուած էին:…

Մենք Ձանձրացանք (Իսկ Դո՞ւք…)

Անցնող շաբթուան ընթացքին, Ռուսիա, Սուրիա, Թուրքիա, ՏԱՀԷՇ թոհուբոհին մէջ, տեղէ մը լուր մը սպրդեցաւ, ըստ որուն, Հոկտեմբեր 6ին եւ 7ին, Թուրքիա երկու անգամ խախտած է Հայաստանի Հանրապետութեան օդային սահմանները: Ըստ նոյն լուրին, թրքական զինուորական օդանաւեր երկու անգամ եւ 2էն 4 վայրկեան (րոպէ) տեւողութեամբ խախտած են ՀՀ օդային սահմանը՝ Արմաւիրի շրջանին մէջ: Թուրք կարգավարները դէպքը «բացատրած…

Տեսակէտ. Ժխտողականութեան Քրէականացումը Առաջնային Խնդիր Չէ

Ստորեւ, կու տանք խմբագրին ստորագրութիւնը կրող յօդուածը «Տեսակէտ» տարազին տակ, միաժամանակ ակնկալելով այս նիւթի շուրջ հրապարակյին քննարկում։ «ՄԻԵԴ»-ի նախադէպը կրնայ մեր աշխատանքներուն ճամբայ հարթել կամ ճամբայ նեղցնել։ Հայկական կողմը թէ՜ պաշտօնական Երեւանի եւ թէ հասարակական կազմակերպութիւններու մակարդակներով վճիռի թղթածրարին մէջէն պիտի փորձէր վեր առնել դրական այն բաժինները, այստեղ եւս գլխաւոր դատախազի կողմէ որոշ չափազանցութեամբ յատարարելու…