
Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովը (անցեալ Ուրբաթ օր) վերահաստատեց վարչապետ Ահմէտ Տաւութօղլուի կառավարութեան իրաւասութիւնը Սուրիոյ եւ Իրաքի սահմաններէն ներս (եւ թրքական զօրքերու գործօն մասնակցութեամբ) պատերազմական գործողութիւններ ծաւալելու եւ միաժամանակ արտօնելու, որ նոյն նպատակով դաշնակից ուժեր ի հարկին տեղակայուին Թուրքիոյ մէջ: Խորհրդարանի արտահերթ նիստով քուէարկուած այս որոշումը մեծ յաղթանակ մը պէտք է համարել նախագահ Էրտողանի ծաւալապաշտ քաղաքականութեան…















