
10 Յունիսին կը նշենք օրհնաբեր ծնունդը Պոլսոյ «Ազատամարտ» օրաթերթին։ 1909ի այս օրը, Պոլսոյ մէջ իր հրատարակութիւնը սկսաւ «Ազատամարտ» անունով թերթ մը։ Իր առաջին թիւերէն իսկ, «Ազատամարտ» յորդեցաւ ու գլեց-անցաւ սոսկական լրագիրի մը սահմանները։ Աւելի ճշգրիտ՝ անմիջապէս դարձաւ ամբողջական եւ լիարժէք մարմնաւորումը Հայ Թերթի։ Օսմանեան Սահմանադրութիւնը նոր հռչակուած էր։ Պոլիսը արագօրէն կը վերագտնէր հայ մտքի եւ…















