Հոկտեմբեր 27ի օրը, Պոլսոյ մէջ, դէպի Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ի խմբագրատուն ամէնօրեայ իր քալելու ընթացքին, 47 տարեկանին սրտէն կաթուածահար ինկաւ Սիմոն Զաւարեան։ Այդպէս յանկարծամահ՝ հայոց աշխարհէն մարմնապէս հեռացաւ հայ ժողովուրդի եզակի դէմքերէն մէկը, որ իր կեանքով ու գործով, անհատականութեամբ ու գաղափարական աշխարհով՝ նուաճեց հայոց գալիք սերունդներուն ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ներշնչման աղբիւր մնալու եւ առաջնորդող օրինակ ծառայելու անմահութիւնը։ Հ.Յ.Դաշնակցութեան…
Դէմքեր եւ իրադարձութիւններ
Դէմքեր եւ իրադարձութիւններ, Պատմութիւն
Աղբիւր Սերոբ (Վարդանեան,1864-1899). Քաջարի ռազմիկն ու խստապահանջ հայդուկապետը

Հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման ամէնէն առասպելական հերոսներէն է Աղբիւր Սերոբը, որ 1899 թուականի 24 Հոկտեմբերի այս օրը, դաւադրաբար թունաւորուած հայ անունին անարժան դաւաճաններու կողմէ եւ շրջապատուած թուրք մեծաթիւ զօրքով, զէն ի ձեռին մինչեւ վերջին շունչ կռուեցաւ անարգ թշնամիին դէմ եւ… ինկաւ Ազատութեան Մեծ Երազի արիւնոտ ճանապարհին։ Մեր ժողովուրդն ու հայ աշուղները սրտաբուխ շատ երգեր նուիրեցին…
Դէմքեր եւ իրադարձութիւններ, Պատմութիւն
Խանասորի Իշխանը (Յովսէփ Արղութեան, 1863-1925). Հայ յեղափոխական շարժման անմոռանալի Ասպետը

Խանասորի Արշաւանքին փոխ-հրամանատար Իշխանն էր ան, որուն արութեան գործը հայ աշուղները անմահացուցին Հայկական Ազատամարտի ամէնէն դիցազնական այդ գործողութեան նուիրուած ժողովրդական ու ազգային-հայրենասիրական սիրուած երգով, իրերայաջորդ սերունդներուն աւանդելով «Աջից՝ Վարդանը, ձախից՝ Իշխանը» փառաբանող հերոսապատումը։ Աւետիս Ահարոնեանի վկայութեամբ՝ «հայկական ազատագրական պայքարին անձնուէր ու փառապանծ վեթերան»ն էր ան, որուն կեանքը «այնքա՜ն հարուստ եղաւ ու այնքա՜ն բարի»։ Հայ Յեղափոխական…
Դէմքեր եւ իրադարձութիւններ, Պատմութիւն
24 Սեպտեմբեր 1920. Առանց պատերազմ յայտարարելու՝ թրքական բանակը յարձակեցաւ Հայաստանի վրայ
92 տարի առաջ, Սեպտեմբեր 24ի այս օրը, իրաւականօրէն տակաւին Օսմանեան Կայսրութիւն կոչուող Թուրքիոյ այսպէս ըսուած «ազգային բանակ»ը, երիտասարդ զօրավար Մուսթաֆա Քեմալի հրահանգով, յարձակեցաւ անկախ Հայաստանի վրայ՝ առանց, սակայն, պաշտօնապէս պատերազմ յայտարարելու… Նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան անկումին մահացու հարուածը տուաւ 1920 թուականի Սեպտեմբերի վերջերուն բռնկած Հայ-Թրքական միջ-պետական առաջին – եւ, ի դէպ, վերջին այդ պատերազմը -, որ…
Դէմքեր եւ իրադարձութիւններ, Պատմութիւն
14-15 Սեպտեմբեր 1918. Նուրի փաշայի թրքական բանակը մտաւ Պաքու եւ ձեռնարկեց հայոց համատարած կոտորածին
Սեպտեմբեր 14-15ի այս օրերուն, 94 տարի առաջ, Անդրկովկասի հարաւ-արեւելեան ամբողջ տարածքին վրայ, հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէր համաթրքական շարժումի հայակուլ յորձանքին օրհասական վտանգը։ Սեպտեմբեր 14ին, թրքական բանակը Նուրի փաշայի հրամանատարութեամբ յաջողեցաւ մուտք գործել Պաքու՝ ազերի թուրքերու մուսաւաթական իշխանութիւնը զինու զօրութեամբ պարտադրելու համար քաղաքի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կազմող հայերուն եւ ռուսներուն։ Ամիսներու վրայ երկարած հայեւռուս հերոսական դիմադրութիւնն ու…
Դէմքեր եւ իրադարձութիւններ, Պատմութիւն
Գրիգոր Գլըճճեան (Պարոյր-Հայկազն, 1868-1898). Հայ Յեղափոխական շարժման անվեհեր դրօշակիրը
Օգոստոս 9ի այս օրը, 114 տարի առաջ, Աթէնքի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, այդ ժամանակ ճար ու դարման չունեցող թոքախտի զոհ գնաց հայ ժողովուրդի ազգային¬ազատագրական շարժման հիմնադիր դրօշակիրներէն եւ առաջին նուիրեալներէն Գրիգոր Գլըճճեան, որ իր գաղափարապաշտ ճարտասանութեան համար արժանացած էր Պարոյր¬Հայկազն անուանակոչումին, հետեւողութեամբ հինգերորդ դարու հայ մեծահռչակ հռետորին։ Հայկական Յեղափոխութեան ինքնատիպ այս դէմքին՝ Պարոյր¬Հայկազնի անունը կապուեցաւ 1880ականներու…
Դէմքեր եւ իրադարձութիւններ, Պատմութիւն
Սեբաստացի Մուրատ (1874¬1918). Հայկական Ազատամարտի դիւցազնական դէմքը
Օգոստոսի այս օրերուն, 94 տարի առաջ, Պաքուի հայութիւնը կենաց¬մահու կռիւ կը մղէր հակահայ մոլուցքով տարուած մուսաւաթական թաթարներուն եւ Անդրկովկասի նաւթային մայրաքաղաքը գրաւելու արշաւանքին ձեռնարկած թրքական զօրքերուն դէմ։ Թէեւ Օգոստոս 1918ին Առաջին Աշխարհամարտը մօտեցած էր իր աւարտին, բայց Պաքուի նաւթահորերուն տիրանալու համար կատաղի ու վերջին պայքար մը կը մղուէր մէկ կողմէ թուրք¬գերման զինակիցներուն, իսկ միւս կողմէ…
Դէմքեր եւ իրադարձութիւններ, Պատմութիւն
25 Յուլիս 1897. Հայկական արեան հեղումը անպատիժ չի՛ մնար. Խանասորի Արշաւանքը վերականգնեց հայրենատէր Հայուն ինքնավստահութիւնը
Յուլիս 25ի այս օրը, 115 տարի առաջ, թրքական եւ ռուսական կայսրութեանց միջեւ կռուախնձոր դարձած Հայաստան Աշխարհը ապրեցաւ ռազմաքաղաքական իր վերականգնումին հպարտառիթ պահը։ Կարկուտ տեղաց խանասորայ դաշտումը, Ֆետայիներ Դաշնակցական, վրէժ առան հովտումը Մի ժամուայ մէջ Մազրիկ ցեղը ջնջուեցաւ, Խանասորայ Կանաչ դաշտը կարմիր արեամբ ներկուեցաւ: Հայեր յիշէք նուիրական այս օրը, Յուլիս ամսոյ քսան հինգին կատարեցէք մեր տօնը:…
Դէմքեր եւ իրադարձութիւններ
30 Յունիս 1914. Արշակ Վռամեանի եւ Արմէն Գարոյի պատմական տեսակցութիւնը Թալէաթ փաշայի հետ

30 Յունիսի օրը, 1914 թուականին, պատմական նշանակութեամբ քաղաքական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն եւ ատենի թրքական պետութեան ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշայի միջեւ։ Դաշնակցութիւնը կը ներկայացնէին Արշակ Վռամեան ու Արմէն Գարօ։ Տեսակցութեան նախաձեռնած էր Թալէաթ, որպէսզի Իթթիհատի անունով փորձէր տարհամոզել Դաշնակցութիւնը՝ ի նպաստ կառավարութեան հետ գործակցութեան վերահաստատման։ Դաշնակցութիւնը 1909ի Ատանայի ջարդերէն ետք սկսած էր…
Դէմքեր եւ իրադարձութիւններ, Պատմութիւն
Պետօ (Աղեքսանդր Պետրոսեան, 1870-1896). Հայ ազատագրական շարժման ուժի աղբիւրը
Յունիսի 21էն 24ը երկարող այս օրերուն, որոշ աղբիւրներու համաձայն՝ Յունիս 23ին, 116 տարի առաջ, 1896ին, «Գարահիսար լերան կրծքին՝ նա էլ ընկաւ վիրաւոր. կուրծքը պատռած, սիրտը խոցուած, չար թշնամու գնդակով»… Այդպէս ծանրօրէ՛ն վիրաւոր, բայց մինչեւ վերջին շունչ կռիւը շարունակելով՝ հարիւրաւոր իր զինակիցներուն հետ նահատակուեցաւ անզուգական Պետոն։ Ամբողջ Յունիս ամիսը, այդ տարի, օրհասական օրեր բաժին հանեց Վան-Այգեստանի…






