Դէմքեր եւ իրադարձութիւններ

Վանայ Իշխան (1883-1915). Հայ ազատագրական շարժման Գաղափարի Մարտիկը

Մեծ Եղեռնի պետականօրէն ծրագրման ու կազմակերպման նախանշաններէն մէկը տրուեցաւ 1915ի այս օրը՝ Ապրիլ 3ին, երբ Վանի օրուան կուսակալ Ճեւտէթ Պէյի սադրանքով դաւադրաբար սպաննուեցաւ Վանայ Իշխանը՝ իր երեք զինակիցներով։ Օրին, սակայն, Վանէն դուրս՝ Պոլսոյ մէջ թէ այլուր, իբրեւ այդպիսին չընկալուեցաւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման Գաղափարի Մարտիկին ու հայկական յեղափոխութեան մարտունակութիւնը խորհրդանշող դաշնակցական հսկային դէմ կատարուած պետական ոճրագործութիւնը։…

Սարգիս Զէյթլեան (1930-1985). Հայ քաղաքական մտքի պետական հասունացման դրօշակիրը

Մարտ 28ի չարաբաստիկ այդ թուականէն ասդին թէեւ անցած են երկար տարիներ, որոնց ընթացքին ամբողջ աշխարհակարգ մը փոխուեցաւ, այսուհանդերձ՝ մեր սերունդներու յիշողութեան մէջ դեռ չէ սպիացած գաղափարական այն խոցը, որ առաջացաւ Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման, անհետացման ու սպանութեան անարգ ոճիրով։ Երկար տարիներ անցած են ա՛յս օրէն՝ 28 Մարտ 1985էն ի վեր, երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թոհուբոհին մէջ,…

Արմէն Գարօ (1872-1923). Հայ Յեղափոխականի եւ Դաշնակցական Ուխտաւորի ասպետական վեհութիւնը

89 տարի առաջ, Մարտ 27ի այս օրը, Ժընեւի մէջ, յանկարծակի դադրեցաւ բաբախելէ սիրտը Արմէն Գարոյի, որուն անունը մեծատառ ու յաւերժ քանդակուած պիտի մնայ հայ ժողովուրդի հերոսական ծնունդներու փառահեղ յուշամատեանին մէջ։ Կենսագիրներու վկայութեամբ, կենսուրախ այս մեծ հայուն սիրտը անբուժելիօրէն հիւանդացաւ 1915ին, երբ թրքական կառավարութիւնը ի գործ դրաւ հայ ժողովուրդը բնաջնջելու ցեղասպանական իր ահաւոր ծրագիրը։ Մեծ Եղեռնի…

Խմբապետ Մուշեղ (1887-1956). Հայաստանի ազատագրման ու հայացման պայքարին յառաջամարտիկ դաշնակցականը

Մարտ 19ի այս օրը, 56 տարի առաջ, Պէյրութի մէջ վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի Ֆետայական Շարժման առասպելական հերոսներէն խմբապետ Մուշեղը, որուն ծննդեան 125ամեակը կը տօնենք այս տարի։ Դաշնակցական ֆետայիներու փաղանգին մէջ առանձնայատուկ իր պատուանդանը ունի Սասնոյ Խիանք գաւառի ծնունդ այս մեծագործ քաջը, որ աւազանի մկրտութեամբ կնքուած էր Մուշեղ Աւետիսեան անունով եւ որ հայոց յիշողութեան մէջ անմահացաւ իբրեւ…

15 Մարտ 1921. Թալէաթի ահաբեկման անժամանց խորհուրդն ու պատգամը

89 տարի առաջ, Մարտ 15ի այս օրը, արհաւիրքի եւ հատուցման ամբողջ պատմութիւն մը խտացնող ու խորհրդանշող արդարագոյն ահաբեկչութիւն մը գործուեցաւ Պերլինի մէջ։ 15 Մարտ 1921ին, Պերլինի Չարլոթընպըրկ թաղին մէջ, օր-ցերեկով, Սողոմոն Թեհլիրեան անունով 25ամեայ հայ երիտասարդ մը ահաբեկեց Մեհմեթ Թալէաթ փաշան՝ Օսմանեան Կայսրութեան երբեմնի վարչապետը։ Ժամանակաշրջանի միջազգային քաղաքականութեան տխրահռչակ դէմքերէն էր Թալէաթ, որ իբրեւ թրքական…

Դուշման (Վարդան Ստեփանեան, 1966-1992). Արցախեան Ազատամարտի ֆետայական խոյանքը

Հայ ժողովուրդը 21րդ դար եւ նոր ժամանակներ մուտք գործեց հասակը բարձր կանգնած, մէջքը շտկած եւ ճակատը բաց ու պայծառ։ Ազգային ինքնավստահութեան եւ ինքնահաստատման այդ խոյանքը մեր ժողովուրդը նուաճեց Արցախեան Ազատամարտով, որ անհաւասար ուժերով ճակատումներէ ու լինելութեան մաքառումներէ յաղթական դուրս գալու հրաշքին նորօրեայ վկայութիւնը եղաւ։ Իսկ Արցախեան հրաշազօր Ազատամարտը մենք նուաճեցինք հերոսական հայորդիներու թանկագին արեամբ՝ անոնց…

Դուշման (Վարդան Ստեփանեան, 1966-1992). Արցախեան Ազատամարտի ֆետայական խոյանքը

Հայ ժողովուրդը 21րդ դար եւ նոր ժամանակներ մուտք գործեց հասակը բարձր կանգնած, մէջքը շտկած եւ ճակատը բաց ու պայծառ։ Ազգային ինքնավստահութեան եւ ինքնահաստատման այդ խոյանքը մեր ժողովուրդը նուաճեց Արցախեան Ազատամարտով, որ անհաւասար ուժերով ճակատումներէ ու լինելութեան մաքառումներէ յաղթական դուրս գալու հրաշքին նորօրեայ վկայութիւնը եղաւ։ Իսկ Արցախեան հրաշազօր Ազատամարտը մենք նուաճեցինք հերոսական հայորդիներու թանկագին արեամբ՝ անոնց…

Մարտիրոս Չարուխճեան (1884-1909).«Յեղափոխական խոյանքի մարմնացումը»

20 Փետրուարին, հարիւրերեք տարի առաջ՝ 1909ին, Ալվարի (Թաւրիզ) մէջ, յանուն Պարսկական Սահմանադրական շարժման յաղթանակին, երիտասարդ իր կեանքը զոհաբերեց հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման եզակի դէմքերէն Մարտիրոս Չարուխճեան։ Հազիւ 25 տարի ապրեցաւ արդարադատ ահաբեկիչի ու յանդուգն մարտիկի դաշնակցական կերպարը մարմնաւորած Մարտիրոսը։ Քսան տարիքը նոր թեւակոխած էր, երբ Նիկոլ Դումանի ղեկավարութեան տակ նետուեցաւ կռուի դաշտ, հայ¬թաթարական ընդհարումներու շրջանին,…

Սօսէ Մայրիկ (1868-1953). Ֆետայական շարժման կանացի՝ մայրակա՛ն շունչը

Գնդակ որոտաց Նոյեմբեր ամսուն, Պաշարուած ենք մենք, իմ սիրուն Սօսէ, Վեր առ մոսինդ, քաջութիւն հոս է, Քո սիրած Սերոբի օրհնեալ օրն այս է: Ձայն տուաւ Սօսէն.- Սերոբ ջան հոս եմ, Զինուած պատրաստուած, ձայնիդ կը սպասեմ, Քեզի հետ կռուելու, քո կողքին մեռնելու Ամէն օր, ամէն ժամ, պատրաստ է Սօսէն: Հայ ժողովուրդի ֆետայական շարժման նուիրուած ամէնէն սրտառուչ…

Յովհաննէս Թումանեան (1869-1923). Ամենայն հայոց բանաստեղծ՝ «հանճարեղ Լոռեցին»

Այսօր, Փետրուար 7ին (հին տոմարով), հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը իր հանճարեղ զաւակներէն Յովհաննէս Թումանեանի, որ իր անմահ գործով արժանաւորապէս նուաճեց պատուանդանը «ամենայն հայոց բանաստեղծ»ի։ Մեծն Եղիշէ Չարենց թարգմանը կը հանդիսանար ողջ հայութեան, երբ մեր ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն բախտորոշ մէկ հանգրուանին՝ հայ գրականութեան «հանճարեղ Լոռեցին» հռչակեց Թումանեանը։ Լոռեցի էր Թադէոս Թումանեանի որդի Յովհաննէսը։ Ծնած…