
Գանատայի տարածքին Հայկական Ցեղասպանութեան 99-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու առաջին նախաձեռնութիւնը հանդիսացաւ «Քեպէգի հայ երիտասարդական միացեալ յանձնախումբ»ի քայլարշաւը, որուն մասնակցեցան 200-է աւելի երիտասարդներ եւ ազգայիններ։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Բեկոր Աշոտ» եւ «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղերուն կողմէ։ Ապրիլ 12-ին Քայլարշաւը սկիզբ առաւ Մոնթրէալի Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանի տարածքէն եւ 3 ժամուան ճանապարհ կտրելով հասաւ Լաւալ քաղաքի նորակառոյց…














