
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ յետմիջօրէին այցելեցին ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ արտերկրի լիբանանցիներու քուէարկութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ զանազան քաղաքապետութիւններու հետ առնչուող խնդիրներ: aztagdaily.com















