
Երէկ, կէսօրին, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչները հանդիպում մը ունեցան Թէքէեան վարժարանին մէջ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկիրն ու գաղութը յուզող հարցեր: Հիմնական քննարկման նիւթ դարձան Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակի ոգեկոչումներու նախապատրաստական աշխատանքները: Հանդիպումին մասնակիցները ընդգծեցին ոգեկոչումներուն համահայկական եւ համալիբանանեան բնոյթ եւ տարողութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը: aztagdaily.com















