Ղարաբաղեան շարժման 25ամեակին նուիրուած միջազգային խորհրդաժողով Արցախի մէջ

logo-FEAJDԼՂՀ պատկան պետական յանձնաժողովի եւ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ Հոկտեմբեր 4-5-ին, Արցախի մէջ տեղի պիտի ունենայ միջազգային խորհրդաժողով, նուիրուած Ղարաբաղեան շարժման 25ամեակին:

Խորհրդաժողովի կազմակերպման իրենց ներդրումը բերած են նաեւ Հայաստանի քաղաքական գիտութեանց միութիւնը եւ Պելճիքայի Լուվենի համալսարանը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ խորհըրդաժողովի համակազմակերպող Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը՝ քաղաքական էական նշանակութիւն ունեցող այս խորհրդաժողովը պիտի քննարկէ Արցախի ազգային ազատագրական պայքարի ակունքները, քննելով նաեւ Կիւլիստանի պայմանագրի կարեւորութիւնը:

Նախատեսուած ելոյթներով հանդէս կու գան ճանչցուած քաղաքագէտներ, փորձառու գիտնականներ, որոնց շարքին փրոֆէսէօրներ Պերնարտ Քուլի, Քսավիէ Ֆոլեպուքթ, Ճէֆրի Րոպէրցոն, Աշոտ Մելգոնեան, Միհրան Տապաղ, Արա Պապեան:

Արցախի տնտեսական զարգացման շուրջ կլոր սեղանի զրոյցին կը մասնակցին, ԼՂՀ փոխ վարչապետ Արթուր Աղաբէկեանը, ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար Դաւիթ Լոքեանը եւ Աւստրիայէն Րայնհոլտ Էքհարտ:

Յունաստանէն ներկայ կ’ըլլան երեսփոխան Միխայիլ Թամիլոս (Հայ-Յոյն խորհրդարանական խմբակցութեան փոխ նախագահ – Նէա Տիմոքրաթիա) եւ երեսփոխանուհի Քաթերինա Մարքու (ՏԻՄԱՐ), ինչպէս նաեւ լրագրող-հրապարակախօս-վերլուծաբան Սավաս Քալենտէրիտիս («Ինֆողնոմոն», «Փոնտիաքի ղնոմի» պարբերաթերթ) եւ լրագրող Գոսթաս Փլիաքոս («Էլէֆթէրոս Թիփոս» օրաթերթ):

Նոյնպէս Կիպրոսէն կը մասնակցի եւրոերեսփոխանուհի տիկին Էլէնի Թէոխարուս (Եւրոխորհրդարանի եւ Արցախի միջեւ բարեկամութեան խումբի նախագահ) եւ լրագրող, Լիտրա Քոլէճի նախագահ Եանիս Խարալամպիտիս: Պատուիրակութեան կը մասնակցին նաեւ Պելճիքացի ծերակուտական Անտրէ տիւ Պիւս, Ազգային Ժողովի անդամ Ժան Տէֆոսէ եւ թրգական ծագումով Պելճիքացի լրագրող Մէհմէտ Գոգսալ:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Պելճիքայի եւ Անգլիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբերու ատենապետները:

Հեղինակաւոր ներկայութիւններով յատկանշուած խորհրդաժողովը, առիթ պիտի տայ ԼՂՀ պետական անձնաւորութիւններու հետ հանդիպումներու, խորացուած ու ծանրակշիռ քննարկումներու, ինչպէս նաեւ տարբեր տեսակի այցելութիւններու:

azator.gr

Տպել Տպել