«Տակաւին Դրական Մթնոլորտ Կը Տիրէ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Շուրջ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

enger_hagop1-420x278Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւններուն եւ յատկապէս կառավարութեան կազմութեան բանակցութիւններուն:

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արգելակումը միայն նշեալ նախարարութեան վերագրելը հարցերը նսեմացնելու փորձ մըն է:

«Պէտք չէ մոռնալ, որ երբ Թամմամ Սալամ վարչապետ նշանակուեցաւ, ան կառավարութեան կազմութեան գծով որոշ պայմաններ ունէր եւ այդ պայմաններուն մաս կը կազմէին նաեւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն պայմանները, որոնցմէ առաջինն էր չէզոք կառավարութեան կազմութիւն, չէզոք նախարարներ: Երկրորդ պայմանը, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առաջին իսկ օրէն առկայ էր, հերթագայութեան սկզբունքն ու ընդվզեցնող նախարարներ չնշանակելու պայմանն էր: Հետեւաբար առաջին օրէն սկսեալ թիրախը Ազգային ազատ հոսանքի նախարարներն էին», ըսաւ ան:

Պատասխանելով Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի պահանջներուն ակնարկող հարցումի մը` երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ զօր. Աունի պահանջները հիմնուած են քրիստոնեայ համայնքին ներկայացուցչութեան սկզբունքին վրայ: «Հոս պէտք է յիշել եւ յիշեցնել, որ զօր. Աունի պահանջներուն հիման վրայ է, որ քրիստոնեայ համայնքը վերսկսաւ ներկայացուիլ ուժային նախարարութիւններուն ընդմէջէն եւ շնորհիւ միջքրիստոնէական համախոհութեան Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը ստանձնեց արդարութեան նախարարութիւնը եւ զայն ներկայացուց նախարար Իպրահիմ Նաժժարը»:

«Թէեւ այս հանգրուանին անոնք հերթագայութեան սկզբունքին մասին կը խօսին` մոռնալով Հըզպալլայի զէնքը եւ Սուրիոյ տագնապին անոր մասնակցութիւնը, սակայն խորքին մէջ տասը ամիսէ ի վեր պահանջուածը այն է, որ ուժանիւթի նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի դադրին այդ նախարարութիւնները ստանձնելէ», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ տարիներ շարունակ վարչապետներ Ֆուատ Սինիորայի եւ Սաատ Հարիրիի օրով նախարարութիւններու հերթագայութիւն կը պահանջուէր, սակայն մնայուն կերպով կը մերժուէր:

«Նախարարութիւններուն միջեւ խտրութիւն դնելը խիստ մերժելի է», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի` աւելցնելով, որ զօր. Աունի առաջարկուած է կրթութեան նախարարութիւնը: «Սակայն ինչո՞ւ այս հերթագայութիւնը կատարել երկու ամսուան համար: Անկախ այս բոլորէն, սակայն, մենք կը զօրակցինք ամբողջական հերթագայութեան` ե՛ւ նախարարութիւններուն, ե՛ւ զանոնք ստանձնող համայնքներուն առումով», նշեց Յ. Բագրատունի:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կան շարք մը տագնապներ, որոնց մաս կը կազմէ նաեւ անպարկեշտութիւնը: «Ճիշդ է, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի ճիգերով կարելի եղաւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դրական հունի մէջ դնել, սակայն Պըրրի շեշտեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն մաս կազմող կողմերը իրենք է, որ կը բանակցին իրենց իրաւունքներուն շուրջ: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ Պըրրիի այն կեցուածքը, որ եթէ նոյնիսկ Հըզպալլա զիջի Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն տարազէն, ինք անոր կառչած պիտի մնայ: Ի վերջոյ դաշնակիցները դժուար պարագաներուն է, որ կը փաստեն իրենց անկեղծութիւնը, իսկ զօր. Աուն միշտ ալ պահանջած է քրիստոնեայ համայնքին դերակատարութիւն վստահիլ: Պահանջուածը խորհրդարանին մէջ քրիստոնեայ մեծագոյն երեսփոխանական պլոքին ուժային նախարարութեան մը յանձնումն է», շեշտեց երեսփոխան Բագրատունի:

Ան վերահաստատեց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ դաշինքը հաստատ կը մնայ` աւելցնելով, որ նշանակեալ վարչապետին հետ նաեւ բարեկամական կապեր կան: «Մենք քաղաքական այլ ուժերու հետ կապի մէջ ենք եւ խորհրդակցած ենք Թամմամ Սալամի, զօր. Աունի, Ամալ շարժումի, Հըզպալլայի, Մարատա հոսանքին եւ նախագահական պալատին հետ: Մեզի ոչ ոք օժանդակելու պարտականութիւն տուած է, սակայն երբ մենք նշմարենք, թէ որոշ տեղեր աջակցելու կարողութիւն ունինք, մեր ներդրումը կ՛ունենանք», յայտնեց ան:

Յ. Բագրատունի եզրափակեց ըսելով, որ տակաւին դրական մթնոլորտ կը տիրէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին շուրջ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել