Նահանգային օրէնսդրականներու ճանաչումի ուղին

Միացեալ Նահանգներու Ռոտ Այլընտի եւ Մասաչուսեցի նահանգներու օրէնսդիր մարմիներէն ետք ահաւասիկ աւստրիալական մեծագոյն նահանգ՝ Նոր Հարաւային Ուէլզի օրէնսդիր մարմինը եւս կը ճանչնայ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքն ու Արցախի անկախ Հանրապետութիւնը։

Պարզ է, որ նահանգային մակարդակի վրայ արձանագրուող այս գործընթացները տեղւոն պետութիւններու կողմէ հայկական երկրորդ հանրապետութեան ճանաչումի համազօր քաղաքական արարքներ չեն։ Բայց…Նահանգային օրէնսդիր մարմինները ի վերջոյ պետական կառոյցներ են եւ իբրեւ ինքնակառավարման մարմիններու բրգաձեւ համակարգի առաջնային տեղը գրաւող ատեաններ խորքին մէջ ժողովուրդ-պետութիւն յարաբերութեան անմիջական օրինական օղակներն են։

Ուրեմն, պետութեան մէջ ուղղակի ներկայացուածութեան ժողովուրդի այս պատկերը խիստ կարեւոր է ոչ միայն բարոյական կամ խորհրդանշական առումներով այլ նաեւ իրաւաքաղաքական։ Քաղաքական առումով տուեալ իշխանութիւնը անպայման հաշուի կը նստի իր կարեւորագոյն նահանգներու օրէնսդիր մարմիններուն կողմէ. այլ խօսքով տուեալ նահանգի ժողովուրդի կամարտայայտութեան հետ։ Այս մէկը կրնայ աւելի շեշտուիլ, երբ ընտրական հանգրուաններու յատուկ տրամաբանութիւնը յաւելեալ ուշադրութիւն կը կեդրոնացանէ ժողովուրդի արտայայտած տեսակէտներուն վրայ։

Իրաւական մեկնաբանութիւնը կրնայ կեդրոնանալ հետեւալ կէտին վրայ։ Նահանգային օրէնսդիր մարմիններու որոշում-բանաձեւերը, որքան ալ մեծամասնութիւն կազմեն, պարտադիր բնոյթ չունին կեդրոնական իշխանութիւններուն համարյ։ Այնպէս չէ, որ ինքնաբերաբար կ՚առաջնորդեն կեդրոնական որոշումի։ Բայց նահանգային օրէնսդիր մարմինները պետական մարմիններ ըլլալով բնականաբար չեն կրնար հակասել երկրի սահմանադրութեան, որ իր հերթին մշակուած կ՚ըլլայ միջազգային օրէնքի սահմանած նորմերու եւ օրինաչափութիւններու նկատառումներով։ Ահա այստեղ է, որ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը գերակայ նկատուած է միջազգային այլ օրէնքի՝ տարածքային ամբողջականութեան, որուն գերադասումը ամէն առիթի կ՚օգտագործուի պաշտօնական Պաքուի կողմէ։
Ուրեմն տուեալ շրջանի ժողովուրդի ուղղակի ընտրութեամբ եւ ներկայացուածութեամբ կազմուած օրէնսդիր մարմինները կը շարժին համապատասխան իրնեց երկիրներու սահմանադրութեան եւ միջազգային օրէնքին։

Հիմա գանք հայկական գործօնին հետ կապուած խնդիրներուն։ Այստեղ պարզ է, որ խօսքը տեղւոյն Հայ Դատի յանձնախոմբերու հետեւողական աշխատանքներուն մասին է։ Երեւոյթը կ՚ընդգծէ Հայ Դատի հասկացողութեան ամբողջականութիւնը, համոզելու համար դիպաշարին հետեւողը, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումի Հայ դատեան դասական ըմբռնումին առընթեր արդէն սկսած է արդիւնաւորուիլ Հայաստանի, Արցախի հանրապետութիւններուն դիմագրաւած ամենահրատապ օրակարգերու ուղղութեամբ հայկական ներուժի օգտագործումը։ Հայ Դատի բազմաճակատ եւ համալիր աշխատանքները կարեւոր թիրախներու կը հասնին։ Այս նախաձեռնութիւններուն մաս կը կազմեն նաեւ տարբեր տարածաշրջաններէ Հայ Դատի բարեկամ պետական զանազան անձնաւորութիւններու Արցախ այցելութեան կազմակերպումները եւ Արցախի իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ տեսակցութիւնները։Անոնցմէ էր նաեւ Աւստրալիոյ պետական դէմքերու պատուիրակութեան այցելութիւնը Արցախ։

Երեւոյթները կը նախանշեն ուրեմն, որ պետական-հասարակական գործօններու համատեղ աշխատելաձեւը կը յանգի արդէն որոշակի արդիւնքներու։ Այս բոլորին վրայ անշուշտ պէտք է հաշուարկել քաղաքական պահու վճռորոշ ազդեցիկութեան խնդիրը, նախատեսելու համար ճանաչում-ճանաչումի դիմաց Քոսովօ-Աբխազիա կամ Քոսոսվօ-հարաաւային Օսեթա մոտելի արցախեան տարբերակի առ այժմ ոչ-տեսանելի առարկայացումը։ Կամ ալ Սաֆարովի գործարքին եւ «հերոսացման» օրինակներով այլ դէպքերու կրկնութիւնը, որոնք միջազգային կարծիքը կրնան անվարան համոզել ազրպէյճանցիներուն եւ որեւէ ժողովուրդի անհամատեղելիութիւնը…։

Հնարաւորութիւնները պէտք չէ բացառել։ Յանկարծակի՝ կրնայ յայտնուիլ պետութիւն մը, որ նահանգայինէն անդին կեդրոնական իշախնութեան մակարդակով հանդէս գայ Արցախի հանրապետութեան ճանաչման յայտարարութեամբ։ Կարեւորը պետական-հասարակական գործօններու համատեղումն է եւ հետեւողական աշխատանք տանիլը։

Խմբագրական «ԱԶԴԱԿ»ի

Տպել Տպել