Ամսական արխիւներ. January 2013

Գաղափարական Հաւատք Ամրապնդող Իտէալը Եւ Կենդանի Օրինակին Առաջնորդող Ուժը

Այն օրէն, որ վերանկախացաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, մեծ հարցական մը կը թեւածէ հայ քաղաքական մտքի հորիզոնին վրայ։ – Հիմա որ իրականացած է երազը, ո՞րն է աշխարհասփիւռ հայութեան հաւաքական ուժն ու կամքը միաւորող, գաղափարական հաւատքը ամրապնդող եւ ազգային ինքնահաստատման շարժումը խթանող իտէալը։ Մինչեւ Հայաստանի վերանկախացումն ալ ազգովին կը դիմագրաւէինք հարցադրումը, բայց ոչ այսօրուան իր հնչեղութեամբ ու գաղափարական…

Յակոբ Բագրատունի. «Հայրս Զբօսաշրջութեան Նպատակով Չէր Լքել Տիգրանակերտը…»

Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան անդամ Յակոբ Բագրատունին իր կեանքի մեծ մասը նուիրել է սփիւռքում հայապահպանութեանը: Կարծում եմ, որ Յ. Բագրատունու նման հայրենասիրութիւնն ու սէրը իր ժողովրդի հանդէպ կանխորոշուած էին նրա ծագումով եւ ճակատագրով, քանի որ նա անմիջական ժառանգն է 1915 թուականին իրենց հայրենի հողի վրայ շատերիս նախնիների նման Ցեղասպանութեան ենթարկուածների: Յակոբ Բագրատունին,…

Փորձանքէ Փորձանք

Կ՚ըսեն, որ մեծ փորձանքէ մը ազատեցանք եւ նախագահ Պարաք Օպաման ու Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարութիւնը վերջին վայրկեանի համաձայնութեամբ մը յաջողեցան առաջքը առնել աշխարհի տնտեսութեան մեծագոյն գահավիժումին: Կ՚ըսեն, թէ շատ շուտով կրնան պատահիլ նոր փորձանքներ, որոնք նոյնքան ճակատագրական կրնան ըլլալ Միացեալ Նահանգներու տնտեսական վերականգնումին, անոր միջազգային վարկին եւ այլն, եւ այլն: Զննելով շեփորահարուած յաջողութեան տնտեսութիւնը փրկելու պայմանները՝…

Արաբական Մամուլի Տեսութիւն Սուրիոյ Տագնապին մասին

ՍՈՒՐԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊԸ ԿԱՐԵԼԻ Է ԼՈՒԾԵԼ ՄԻԱՅՆ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ-ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՄԲ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթի յօդուածագիր Հուտա Հիւսէյնիի համաձայն, Սուրիոյ տագնապին միակ լուծումը կրնայ ըլլալ ամերիկեան-ռուսական համաձայնութիւն մը: «Սուրիոյ մէջ վերջին երկու տարիներուն արձանագրուած իրադարձութիւնները կը հերքեն այն խօսքերը, թէ Արաբական գարունը Սուրիան տագնապի մատնած է, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ «խաղ»ը աշխարհաքաղքացիական է եւ օտար ուժեր տակաւին կը փնտռեն սուրիական…