Ամսական արխիւներ. August 2013

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ներկայացնող Պատուիրակութիւնը Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի

Շարունակելով հանդիպումներու շարքը իշխանութեան պետերուն հետ, ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին ընկերներ Յակոբ Խաչերեան, Սեպուհ Յովնանեան, Յովհաննէս Թասլաքեան, Աւետիս Կիտանեան եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Շրջանի եւ յատկապէս Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը` ապահովական վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ, առանցքը կազմեցին խորհրդարանի նախագահին հետ կատարուած խորհրդակցութեանց: aztagdaily.com

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Անուշ Հայրենիք» Ճամբարը Մարտունիի Մէջ

12-22 օգոստոսին Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունի քաղաքին մէջ 7-16 տարեկան 186 պատանիներ մասնակցեցան ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան կազմակերպած «Անուշ հայրենիք» ճամբարին: Արդէն երկրորդ տարին ըլլալով, ԼԵՄ-ականները այս ճամբարը կը կազմակերպեն Մարտունի քաղաքին մէջ: Այս տարի ճամբարը նուիրուած էր Մհեր Ջուլհաճեանի եւ Լիզպոնի 5 տղոց յիշատակին: Ճամբարականներուն առօրեան կ՛ընթանար ըստ նախապէս մշակուած օրակարգին` դրօշակի արարողութիւն, դասախօսութիւններ` հայրենասիրական,…

«Ազատ Օր»ի Խմբագիր Հռիփսիմէ Յարութիւնեան Պարգեւատրուեցաւ «Մայրենիի Դեսպան» Մետալով

ԵՐԵՒԱՆ, «Հայերն Այսօր».– 21 Օգոստոսին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունած է Յունաստանի «Ազատ Օր» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հռիփսիմէ Յարութիւնեանը: Ողջունելով հիւրը՝ նախարարը կարեւոր նկատած է «Ազատ Օր»ի գործունէութիւնը Յունաստանի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման իմաստով: Յունաստանի մէջ հայկական մամուլին միջոցով մայրենի լեզուի անաղարտութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման աշխատանքներուն մէջ ունեցած նշանակալի ծառայութիւններուն համար…

Օգոստոսի 23-ին կնշվի ազատամարտի հերոս Հրաչ Մուրադյանի 50 ամյակը

Պռոշյան համայնքի ղեկավար, Արցախյան ազատամարտի հերոս Հրաչ Մուրադյանը օգոստոսի 23-ին կդառնար 50 տարեկան, եթե ապրիլի 2-ին արձակված դավադիր գնդակից չսպանվեր։ “Մարտական խաչ” երկրորդ աստիճանի շքանշանակիր հերոսի ծննդյան 50-ամյակը, սակայն, արդեն առանց Հրաչի կանցնի։ Հիշատակի արարողությունը կմեկնարկի 12։30՝ Պռոշյանի գյուղապետարանի մոտից, կշարժվեն դեպի գյուղի պանթեոն, ուր ամփոփված են նաեւ Հրաչի մրատական ընկերները։ 1989 թվականից նա այն…

«Հայրենիք»ի խմբագրական. Արտագաղթի արտակարգ հոսանք

Հայորդիի նկարագի՞ր…թէ աւելի բարեկեցիկ ու լաւ պայմաններու մէջ գոյատեւելու փնտռտուք: Ինչ որ ալ ըլլան դրդապարճառները, կը նկատուին գերմտահոգիչ: Դանակը ոսկորին հասած ըլլալու մասին վիճաբանիլն անգամ անտեղի է կամ յար եւ նման է ջայլամի քաղաքականութեան, մանաւանդ երբ ստոյգ ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան թէ հայրենիքի բնակչութեան քառասուն առ հարիւրը կը փափաքի արտագաղթել, եթէ պայմաններ ու կարելիութիւններ ստեղծուին:…

Կրօնական փոքրամասնութիւնների համար կարեւոր են Իրանի ազգային շահերը

ԻՌՆԱ-ի համաձայն՝ Իսլ. խորհրդարանում կրօնական համայնքների պատգամաւորները ընդառաջելով հանր. նախագահ դոկտ. Հասան Ռոհանիի արտայայտութիւնները եւ դիրքորոշումները՝ կրօնական փոքրամասնութիւնների նկատմամբ առաւել ուշադրութիւն դարձնելու կապակցութեամբ, ընդգծեցին, որ Իրանը իրենց հայրենիքը լինելով՝ կրօնական փոքրամասնութիւնների փորձագէտները չեն խնայելու իրենց ջանքը՝ երկրի առաւել վերելքի եւ զարգացման ի խնդիր: Այս մասին Իսլ. խորհրդարանում Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Կարէն Խանլարեանը…

Նախաձեռնութիւնը Թաւրիզի համալսարանից, ոգեւորութիւնը՝ Բաքւից

Նման միջոցառումներն ազգամիջեան եւ միջկրօնական լարւածութիւն սերմանելուց բացի, որպէս կանոն, վերածւում են տարբեր տրամաչափի պանթուրքիստ ակտիւիստների ժամադրավայրի, որտեղ գեներացւում են անջատողական նորանոր մտքեր եւ գաղափարներ: Այնպէս, որ … Օգոստոսի 16-ին «armenian. irib.ir»-ին տեղեկացրել էր, որ նոյեմբերի 6-ին Թաւրիզի համալսարանի Իրանի պատմութեան ու մշակոյթի հաստատութեան նախաձեռնութեամբ, Իրանի մշակութային ու հետազօտական կենտրոնների համագործակցութեամբ եւ Ադրբեջանի Հանրապետութիւնում ազատութեան…

Հարցազրոյց – Մեր ենթայանձնախմբերում ներգրաււած երիտասարդների աշխուժութիւնը բաւականին ակնառու է

«ՀՈՒՍԿ»-ի աշխատանքները շատ բազմածաւալ եւ միաժամանակ շատ բազմաբնոյթ են, ներհամայնքային մեծ ծրագրեր ունենք՝ համայնքի հասարակութեան համար, ինչպէս՝ Ապրիլ 24-ի կենտրոնական ձեռնարկը, ազգային-ազատագրական պայքարին նւիրւած տօնակատարութիւնները: «Հայ Դատն այսօր» խորհրդաժողովի 10-ամեակին ընդառաջ Հարցազրոյց՝ «ՀՈՒՍԿ» հաստատութեան վարչութեան նախագահ Յովսէփ Աւետեանի հետ Հ.- Արդէն ամիսներ է, որ «ՀՈՒՍԿ» հաստատութիւնը նորընտիր վարչութիւն ունի: Որպէս վարչութեան նախագահ՝ կը խնդրէի մեկնաբանէք,…

«Ահաբեկչութեան Թիրախ Դարձող Ոեւէ Քաղաքացի Հայրենիքին Նահատակն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հարաւային արուարձաններուն մէջ զետեղուած անցարգելները անձնական ապահովական միջոցառումներ չեն, այլ` շրջանին բնակչութեան ապահովութիւնը պահպանելու նախազգուշութիւններ: Յ. Բագրատունի վերահաստատեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին կեցուածքները, որոնց համաձայն, լիբանանեան որեւէ շրջան կամ ոեւէ քաղաքացի թիրախ դարձնող պայթում…

Ազգի Խնդիրները Ինչո՞ւ Չքննել Լուռ-Լռեցուող Մեծամասնութեան Հետ

Հրապարակային հանդիպումներով լուռ մեծամասնութիւնը` անտարբեր դարձածները, ինչո՞ւ չենք լսեր, երբ անոր անունով իրաւունքներ կը սահմանենք եւ կ’ուզենք խօսիլ: Անտարբերութիւնը կ’աճի, երբ երկխօսութիւնը բացակայի: Կը խօսինք եւ կը գրենք ներազգային ճակատի «հզօրացումներ»-ու մասին, եկեղեցի, կուսակցութիւններ, Հայաստան, դպրոցներ:Շարքը երկար է: Ուրեմն կան տկարացում եւ տկարացման ազդակներ` հակառակ նախաձեռնութիւններու: Ժողովուրդը եթէ չարտայայտուի, «չլսուի», կը յառաջանայ ճահճացում: Հայաստանի իրավիճակը,…