
Ֆրանսայի վեց տարբեր քաղաքներու մէջ` Փարիզ, Մարսէյ, Լիոն, Վալանս, Կրընոպլ եւ Նիս, ֆրանսահայութիւնը ցուցական ուշագրաւ հաւաքներով իր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի ժողովուրդին եւ հայոց յաղթական բանակին: Բազմաթիւ երեսփոխաններ, ծերակուտականներ, քաղաքապետներ եւ ընտրեալներ, ձախակողմեան թէ աջակողմեան, իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն հաւաքներուն եւ իրենց կարգին զօրակցութիւն յայտնեցին Ազրպէյճանի դէմ չորսօրեայ մարտերը յաղթանակած հայ ժողովուրդին: Բոլոր հաւաքները տեղի…















