
ԵՐԵՒԱՆ (Հ.Յ.Դ. մամլոյ դիւան, 2015թ. Մարտ 20) – «Մենք ամբողջութեամբ զօրաշարժի ենթարկուած ենք՝ կարգաւորելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը եւ պաշտպանելու՝ այս շրջանին մէջ ինքնորոշման իրաւունքը», յայտարարած է պրն Հարլեմ Տէզիր՝ Եւրոպական հարցերով Ֆրանսայի պետական քարտուղարը։ Մարտ 18-ին, Ֆրանսայի Ազաջգային ժողովին մէջ, Միութիւն յանուն ժողովրդական շարժումի (UMP) կուսակցութեան պատգամաւոր պրն Ժան-Գլոտ Մինիոն հարցում ուղղած է երկրի…















