
Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի կազմակերպութեամբ, Պէյրութի մէջ կայացաւ Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ գործող Հայ դատի մարմիններու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու խորհրդաժողովը£ Կը մասնակցէին Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրանէն, Եգիպտոսէն, Քուէյթէն եւ Ծոցի երկիրներէն ներկայացուցիչներ: Խորհրդաժողովը կը նպատակադրէր քննարկել Միջին Արեւելքի մէջ Հայ դատի նոր մարտահրաւէրները եւ այս ծիրին մէջ` յստակացնել գաղութներու նպատակաուղղուած աշխատանքը ծաւալելու նոր մեքանիզմներ, որոնք…














