
Սուրիոյ պատերազմի անցնող երեք տարիներու ընթացքին, թէեւ Քեսապը ապրեցաւ տագնապի ելեւէջները, սակայն Քեսապը համեմատաբար կը շարունակէր մնալ ապահով: Տեղի կ՛ունենային թափանցման փորձեր, որոնց կը յաջողուէր ետ մղել: 21 Մարտ 2014ին հրաձգութիւնները սկսան, որոնք աստիճանաբար զարգացան: Առաւօտեան ժամը 5:45-ին արդէն զինեալ խմբաւորումներ իրենց արձակազէնները զետեղած էին ու թրքական բանակին հրթիռով պայթեցուցին Կասիոս լերան բարձունքին վրայ գտնուող…













