
Յունուար 27-ին, Յատուկ հրամանագրով մը, Ա.Մ.Ն.-ի նախագահ Տոնըլտ Թրամփ մինչեւ ցնոր տնօրինում, որոշած է եօթ երկիրներու (մեծամասնութեան իսլամական կրօնքի տէր) հպատակութիւն ունեցող անհատներու մուտքը Միացեալ Նահանգներ արգիլել: Այս որոշումը առնուեցաւ Հրեաներու Ողջակիզման օրը, այն օրը ուր կը քննադատուին կրօնամոլ եւ ազգայնամոլ դիրքորոշումները: Այս յատուկ որոշումը արգելք կը հանդիսանայ, որպէսզի Սուրիացի հպատակներ, որոնց կարգին Սուրիահայեր մուտք…














