
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, Հոկտեմբեր 16ին, «Ուեսթին Պոնավենչըր» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկը, ուր աւելի քան հազար Հայ Դատի համակիրներ, ներառեալ 80է աւելի տեղական, նահանգային եւ դաշնակցային մակարդակի պաշտօնատարներ, համայնքային ղեկավարներ, «Օսքար» մրցանակի արժանացած բեմադրիչ Թերի Ճորճ ու «Խոստումը» ֆիլմը արտադրողներէն մաս մը միասնաբար տօնեցին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի…















