
Քանպէրա.- Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան, Ուրբաթ 27 Յունուար, 2017-ին, Աւստրալիոյ մայրաքաղաք Քանպէրայի մէջ Պիելառուսիոյ դեսպանատան դիմաց աւելի քան 20 երիտասարդներ լռելեայն ցոյց մը կազմակերպեցին զօրակցութիւն յայտնելու Պիելոռուսիոյ մէջ անարդարօրէն ձերբակալուած Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի, պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի։ 15 Դեկտեմբեր, 2016-ին, Պիելառուսիոյ մայրաքաղաք Մինսկի ոստիկանութիւնը, Ազրպէյճանի կառավարութեան պահանջքին հիման վրայ, ձերբակալած էր Լափշինը: Լափշին 2011-ի…















