
Յունահայութիւնը Սեպտեմբերի երրորդ շաբաթավերջը նուիրեց Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց 25ամեակի տօնակատարութեանց։ Շաբաթ՝ Սեպտեմբեր 17ի երեկոյեան Քոմոթինիի մէջ Հիւսիսային Յունաստանի հայութիւնը, իսկ Կիրակի՝ Սեպտեմբեր 18ի երեկոյեան Այոս Սոսթիի մէջ աթենահայութիւնը ընդառաջեցին Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կ. Կոմիտէի կազմակերպած եւ հայկական զոյգ հանրապետութեանց հիմնադրութեան 25ամեակին նուիրուած հանդիսութեանց։ Զոյգ հանդիսութեանց ընթացքին օրուան պատգամը փոխանցեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընկեր Կիրոյ Մանոյեան,…















