
Դաշնակցութեան արխիւները բա՞ց են, թէ՞ փակ, հասանելի՞ են, թէ՞ ոչ: Ահա հարց մը, որ յաճախ օրակարգի վրայ է մանաւանդ ակադեմական շրջանակներու հաւաքներու, քննարկումներու եւ գիտաժողովներու ընթացքին: Դժբախտաբար այս վերջին մէկուկէս տասնամեակին սոյն հարցադրումը իբրեւ քաղաքական լծակ կ’օգտագործուի թրքական ժխտողական մեքենային կողմէ, երբ Պոլսոյ մէջ գտնուող օսմանեան արխիւներուն հասանելիութեան դիմաց ՀՅԴ արխիւներուն «անմատչելի» կարգավիճակը կ՛որակուի որպէս…















