
Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի հրաւէրով, 11-21 Մարտ Ֆրանսա, Հոլանտա եւ Պելճիքա կը գտնուէր Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր, Հ.Յ.Դ. խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ Դաւիթ Իշխանեան: Սոյն այցելութեան ընթացքին Իշխանեան լայնածաւալ հանդիպումներ ունեցաւ թէ՜ քաղաքական առումով, թէ՜ մասնակցեցաւ համայնքային-ժողովրդային տարբեր ձեռնարկներու` Փարիզի, Լիոնի, Մարսէյլի, Վալանսի, Պրիւքսէլի եւ Ալմելոյի մէջ,…















