
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով որդեգրուած Համահայկական հռչակագիրին, բարեփոխուած սահմանադրութեան կենսագործման ուղիները ցոյց տուող նախագահի ելոյթին եւ ՀՅԴ-ՀՀԿ համագործակցութեան համաձայնագիրին բովանդակութեանց մէջ կան բազմաթիւ արժեհամակարգային նմանութիւններ: Բովանդակային նմանութիւնները, իրար լրացնող գաղափարները եւ մանաւանդ համահայկական տարողութեամբ որդեգրուած վարքագծի մը հանդէպ հետեւողականութիւն ցոյց տալու մօտեցումը կարմիր թելի նման կ՛երկարի այս երեք փաստաթուղթերուն մէջ: Եւ հաւանաբար սխալ չ՛ըլլար,…















