
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի անձնական փոխներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լազարինի այցելեց Շաղզոյեան կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ սուրիահայ գաղթականներու օժանդակութեան գրասենեակի պատասխանատու Աւետիս Կիտանեանի հետ: Լազարինի ստանձնած է մարդասիրական օժանդակութիւններու թղթածրարը: Անոր կ՛ընկերանային ՄԱԿ-ի Լիբանանի գրասենեակի պատասխանատուներ: Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցաւ Լիբանան ապաստանած սուրիահայ գաղթականներու օրակարգը եւ տարբեր մակարդակներու…















