
1 Միլիոն 350 Հազար Տոլար` Ի Նպաստ Հայ Դատի Աշխատանքներուն Երէկ` չորեքշաբթի, 2 դեկտեմբերի երեկոյեան Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան 125-ամեակին նուիրուած կալա-ընթրիքը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ իւրայատուկ նուիրահաւաք, եւ Հայ դատի աշխատանքներուն ի նպաստ հանգանակուեցաւ 1 միլիոն 350 հազար տոլար: Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին տեղի ունեցած կալա-ընթրիքին ներկայ…















