
(Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան 24-Ամեակին Առիթով) Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման օրուան նշումը բազմախորհուրդ բովանդակութիւն կը պարփակէ: Այլեւս դասականացած համոզումներ են Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխիք ըլլալու հանգամանքը, մեր երկրորդ Սարդարապատի կարգավիճակը, երկրորդ պետութիւն ունենալու իրականութիւնը եւ նման բախտորոշ իրողութիւններ` ամրագրուած ծով զոհողութիւններով: Հերթական փորձը` կեդրոնանալու ամէնէն նորագոյն եւ հրատապ երեւոյթներուն վրայ, որոնք սերտօրէն առնչուած են հայկական երկրորդ…















