
Առ այս պահը չէ յստակացած Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի 11 օգոստոսին Թուրքիա այցելութեան յետաձգման պատճառները: Նման բարձրակարգ այցելութիւններու յետաձգումը ինքնին արդէն կը մատնէ քաղաքական որոշակի ճգնաժամ: Նման պարագաներուն ընդունուած կարգը կը յիշեցնէ, որ առնուազն պաշտօնապէս նշուի պատճառը: Թէկուզ անիկա համոզիչ չըլլայ, այսուհանդերձ ինչ որ պատճառ կը յայտարարուի նման այցելութիւններու չկայացման պարագային: Ուրեմն…















