
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Այցելեց ՀՄԸՄ-ի Բանակավայր Եւ Սկաուտներուն Յորդորեց Նուիրական Աշխատանքով Շէնացնել Մեր Կեանքը Երէկ, երեկոյեան, յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսով իրենց աւարտին հասան ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններն ու համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումը, որոնք ամբողջ տասը օր մէկ դարեայ «կամաւոր բանակ»-ին խօսքն ու գործը ծանօթացուցին հայրենի հայութեան, հայ մարմնակրթութեան 100 տարուան աւանդներուն վերարժեւորումը կատարեցին եւ Հայաստանին յիշատակ ձգեցին…















