
Հայորդին չկրնար անտարբեր մնալ այն կատարուած հալածանքներուն, չարչարանքներուն եւ սադրանքներուն, որոնք կը կատարուին Եզիտի ժողովուրդին դէմ: Միշտ ալ հալածուած եւ ճնշման ենթարկուած Եզիտիներու ներկայ իրավիճակը կը յիշեցնէ…գրեթէ հարիւր տարի առաջ կատարուած, ցայսօր մեր մորթին վրայ ազդող ՊԱՏԱՀԱՐԸ՝ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ: Նմանօրինակ իրադարձութիւններ կը կատարուին եւ իրավիճակ ստեղծուած է Իրաքի Հիւսիս-Արեւելեան շրջանէն ներս, Սուրիոյ սահմանին մօտերը, ուր…















