
Հարցազրոյց՝ «Կիւլպէնկեան» հաստատութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի հետ «ՀՈՐԻԶՈՆ».- Դուք ասպարէզով քաղաքագէտ-պատմաբան էք. նախ կը խնդրենք, որ մեր ընթերցողներուն բացատրէք, թէ ի՞նչ է «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը եւ անոր հայկական բաժանմունքը։ ԴՈԿՏ. ՌԱԶՄԻԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Գալուստ Կիւլպէնկեանը, որ ընդհանրապէս ճանչցուած է իբրեւ «Մըսթըր ֆայվ փըրսենթ», 20-րդ դարու սկզբնական ժամանակաշրջանի ամէնէն հարուստ մարդոցմէ մէկն էր, որ քարիւղի…















