
24 դեկտեմբերին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղեց լիբանանահայ երեք օրաթերթերուն` «Ազդակ»-ին, «Արարատ»-ին եւ «Զարթօնք»-ին: Շնորհաւորական ուղերձներէն բացի օրաթերթերը արժանացան նաեւ նախագահական նիւթական պարգեւներու: Նմանօրինակ վերաբերմունքի արժանացան նաեւ «Թռչնոց բոյն»-ն ու «Զուարթնոց» կեդրոնը: Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան անձամբ այցելեց երեք օրաթերթերու խմբագրատուներն…















