
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, շաբաթ, 23 եւ կիրակի, 24 նոյեմբերին «Աբրահամ Աշճեան» երիտասարդական-ուսանողական կեդրոնին մէջ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 40-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ սեմինար մը` «Երիտասարդութիւնն ու Հայ դատը» խորագիրով, որուն մասնակցելու նպատակով յատուկ Լիբանան հրաւիրուած էին ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սագօ Մկրտիչեան եւ Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Արմէն Մազլումեան: Սեմինարին…















