
Սթոքհոլմի մէջ 11-13 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Քիւրտերու Գիտական Երրորդ Համաշխարհային Խորհրդաժողովը, որու աշխատանքները ուղղուած էին ապագայ Քիւրտիստանի տնտեսական-գիտական-մշակութային եւ առողջապահական ծրագրերու մշակման։ Երկօրեայ խորհրդաժողովը համախմբեց վերոյիշեալ բնագաւառներու հմուտ անձնաւորութիւններու ներկայութիւնը, որոնք գիտահետազօտական իրենց ներկայացումներով եւ զեկուցումներով հիմքերը ճշդորոշեցին տուեալ ծրագիրներուն։ Սթոքհոլմի խորհրդաժողովը հիմնականօրէն նպատակ ունէր ամրապնդելու Քիւրտիստանի գոյութիւնն ու դերակատարութիւնը՝ շարունակաբար զարգացող առաջադէմ ու ժամանակակից…















