
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը դատապարտած է ելեկտրական շարժակներով բանող ինքնաշարժներ արտադրող ամերիկեան «Թեսլա» ընկերութեան հիմնադիր Էլոն Մասքի Թուրքիա կատարած այցելութիւնը, որուն ընթացքին ան նաեւ այցելած էր հանրապետութեան հիմնադիր եւ առաջին նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի դամբարանը: Ըստ «Թայմթիւրք»ի՝ Թուրքիա այցելած Մասքը հանդիպած էր երկրի նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Կողմերը քննարկած էին «Թեսլա»ի եւ թրքական…















