
Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն երկու կարեւորագոյն թեկնածուներու յայտարարութիւնները` Արցախեան հիմնախնդիրի լուծման պատկերացումներ փոխանցելու ուղղութեամբ, դիտարժան կէտեր կը ներառեն իրենց մէջ: Որքան ալ անոնց նայինք ընտրական շարժառիթներու նկատառումով, այնուամենայնիւ խնդիրի իրազեկման, հակամարտութեան էութեան, պատմականին նկատմամբ իրազեկուածութեան երեւոյթը փաստացի է: Առաւել եւս, երկուքն ալ նախապատրաստուած են այս հարցի դիմագրաւման ճշգրիտ պատասխաններ տալու: Պարզ է, որ ընտրական նկատումներէ մեկնած…















