
Անգարայի մէջ, Դեկտեմբեր 19-ին կատարուածը կրնայ կրկնուիլ, եւ դժբախտաբար այս ընթացքով պիտի կրկնուի: Արդարեւ, Թուրքիոյ մէջ Ռուսաստանի դեսպան Անտրէյ Քարլովի ահաբեկումը, այնքան «դիւրութեամբ» իրագործուեցաւ, որ կրնայ այս խառնիճաղանճ կացութիւնը գործի լծել այլ մութ ձեռքեր, թիրախ ունենալով այլ անձեր, այլ նպատակներ: Այս զարհուրելի դէպքէն առաջ իսկ, Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը ահազանգ հնչեցուցած էր Միջազգային ընտանիքին, տեղեկացնելով…















