
Պերլինի պատին փլուզումով, համաշխարհային կարծիքը ունեցաւ այն խաբկանքը եւ թիւր տպաւորութիւնը, որ Արեւմուaտքի եւ Խորհրդային Միութեան միջեւ մղուող Պաղ պատերազմը վերջ գտաւ Արեւմուտքին յաղթանակով: Արեւմուտքի վերլուծաբանները փութացին յայտարարելու նաեւ, որ Պաղ պատերազմի այս արդիւնքով աւարտը նաեւ յաղթանակն է դրամատիրական գաղափարախօսութեան ընդդէմ ընկերվարութեան: Անկախ այն իրողութենէն, որ այս մօտեցումը ինքնին խեղաթիւրում է իրականութեան (որովհետեւ ընկերվարութիւնը եւ…












