
Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութիւնը (ԵԺԿ) Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած բանաձեւ ընդունած է: Այդ մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին մէջ տեղեկացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան: Իբրեւ Հանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահ` վերջինս կը մասնակցի Պրիւքսէլի մէջ 2-էն 4 մարտին ընթացող ԵԺԿ-ի համաժողովին: «Չափազանց ուրախ եւ հպարտ եմ: Քիչ առաջ ԵԺԿ-ն ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ…















