
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Անցեալ շաբաթավերջին, հայրենի պետութիւնն ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը վերջին հրաժեշտը տուին Հայաստանի Ազգային ժողովի անդամ, Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանի, որ իր աչքերը առյաւէտ փակած էր անցեալ շաբաթասկիզբին, ետին թողնելով պետական, դիւանագիտական, ազգային եւ կուսակցական գործիչի ստուար վաստակ մը եւ իր կեանքով կնքուած ժառանգութիւն մը: Արեւմտեան թեմը…















