
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ ներկայ պիտի գտնուի Հայոց Ցեղասպանութեան 99րդ տարելիցին նուիրուած պաշտօնական արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 24 Ապրիլի երեկոյեան, Փարիզի Քանատա հրապարակին վրայ՝ Կոմիտասի արձանին առջեւ: Ֆրանսայի նախագահին գրասենեակը հաստատած է այս տեղեկատուութիւնը: Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսային, որ «Հանրապետութեան նախագահին միջոցով յարգանք պիտի…















